2015-09-14 10:37:00

ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներու կոչը` ''հիւրընկալել գաղթականները''։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Joseph Kurtz ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչին` ժողովրդապետութիւններու մէջ հիւրընկալելու գաղթականները, իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած է Սրբազան Քահանայապետին, Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի եկեղեցիներուն ու ժողովրդապետութիւններուն մէջ հիւրընկալելու Միջին Արեւելքի գաղթականները։ 

Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը կաթողիկէ ընտանիքներէն եւս խնդրած է եղբայրական կարեկցութիւն ցուցաբերել գաղթական եղբայրներուն, որոնք կը հեռանան իրենց հայրենիքէն, ստոյգ մահէն ազատելու  համար։

''Այդ բոլոր գաղթականները, ինչ կրօնի որ պատկանին, կը մնան մեր եղբայրները, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն'' – ըսած է Գերապայծառ Joseph Kurtz կոչ ուղղելով Սպիտակ Տան որպէսզի օգնութեան հասնի փախստականներուն ու վերջ դնէ այս ահաւոր ընդհարումին։

Նշենք որ Ամերիկեան Եկեղեցին միշտ եղած է ռահվիրայ` մարդկային օգնութիւններու, ''Catholic Relief Services''  կազմակերպութեան տուած օժանդակութիւններու միջոցաւ։

Գերապայծառ Joseph Kurtz  իր կոչին մէջ հուսկ աղօթքը բարձրացուցած է Սուրբ Ընտանիքին, որ իր կարգին փորձարկած է գաղթականութիւնը, որպէսզի  հսկէ գաղթական բիւրաւոր ընտանիքներուն վրայ, որոնք ներկայիս ապաստան կը գտնեն Եւրոպայի ու համայն աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.